image

Հալէպ.Մահացած է համայնքային գործիչ Վահէ Թարխանեանը

Հալէպ.Մահացած է    համայնքային գործիչ  Վահէ  Թարխանեանը

Հալէպի մէջ 56 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ գործիչ Վահէ Թարխանեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Գաղութային բեղուն գործունէութիւն ունեցած Վահէ Թարխանեան ընտանիք կազմած  էր Մարալ Թիւֆէնքճեանին հետ եւ ունէր երկու զաւակներ՝ Նաթալի եւ Յակոբ: Ան անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու նաեւ բեղուն գործունէութիւն կը տանէր Հալէպի ՀՄԸՄ-ի շրջանակներուն մէջ:

Նշենք, որ Թարխանեան իր մահկանացուն կնքած է սրտի տագնապի հետեւանքով եւ անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը  կատարուած են  այսօր Հալէպի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին  մարմինը փոխադրուած է Հալէպի Ազգային Գերեզամանատուն:

 

Կը  ցաւակցինք: