image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ սրբազան ընդունած է նախագահ Ասատի յատուկ պատուիրակը (Լուսանկարներ)

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ սրբազան ընդունած է նախագահ Ասատի յատուկ պատուիրակը (Լուսանկարներ)

Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ին, Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագ մատուցուած է Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ պատարագիչն էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը: Սրբազան Հայրը Պատարագի ընթացքին յաւուր պատշաճի ընթերցած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սբ. Ծննդեան պատգամը:

Սբ. Պատարագին պատուաւոր ներկայութեամբ աղօթակից եղած են նաեւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետոթեան Ժողովրդային Խորհուրդի (Խորհրդարան) հայ անդամ Տոքթ. Նորա Արիսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Առաջին Խորհրդական  Ռուբէն Սողոյեանը եւ բազմաթիւ Դամասկահայեր:

Յետ Սուրբ Պատարագի կատարուած է նաեւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալներ օրհնուած ջուրէն իրենց տուները տարած են: Ջրօրհնէքի Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ քոյր եկեղեցիներու Առաջնորդ եպիսկոպոսներ եւ հոգեւորականներ:  Եփրեմ Բ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը եւս ներկայ եղած է եւ անձամբ մասնակցած է Ջրօրհնէքի արարողութեան եւ Սրբազան Հօր հետ օրհնած է ջուրը:

Սուրբ Ծննդեան Պատարագէն յետոյ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունած է ներկայ հոգեւորականաց եւ հաւատացեալներուն շնորհաւորանքները:

Սուրիոյ Նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատի անունով Ազգ. Առաջնորդարան այցելած է Պետնախարար Ֆատլալլահ Մանսուր Ազզամը եւ Սրբազան Հօր ու ներկաներուն փոխանցած է Նախագահի շնորհաւորանքները:

Ազգ. Առաջնորդարան այցելած է նաեւ Սուրիոյ Ժողովրդային Խորհուրդի (Խորհրդարան) նախագահ՝ տիար Համմուտէ Սապպաղը, զոր անձամբ շնորհաւորեց Դամասկահայութիւնը: