image

NDU համալսարանի նախագահը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մօտ

NDU համալսարանի նախագահը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մօտ

11 Յունուար 2018, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց NDU համալսարանի նախագահ՝ Դոկտ. Հայր Փիէռ Նաժըմը, ընկերակցութեամբ նոյն համալսարանի արտաքին յարաբերութեանց պատասախանատու՝ Մաժըտ Պու Հատիրի։  Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտները որպէս ընդհանրապէս համալսարանական աշխարհին քաջատեղեակ անձ։

Հայրապետը ողջունեց նոր բաժանմունքներու յաւելումով եւ ուսանողական ու ուսուցչական կազմի մակարդակի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան թիւի յաւելումով հետզհետէ զարգացող համալսարանը եւ շեշտեց նոր սերունդներուն կազմաւորման կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենան իրենց մասնագիտութեամբ նոր կենսունակութիւն բերել իրենց պատկանած համայնքին ու ընկերութեան։  Այս առիթով, համալսարանի նախագահը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի յարմար առիթով դասախօսութիւն մը տայ համալսարանէն ներս ընդհանրապէս համալսարանական կեանքին եւ ներկայ ժամանակներուն հետ աղերս ունեցող նիւթի մը շուրջ։

Յայտնենք, որ NDU համալսարանը Լիբանանի առաջնակարգ համալսարաններէն մէկն է։