image

140 պատանիներ զոհ ամերիկացի բժիշկի մը սեռային ոտնձգութիւններուն

140 պատանիներ զոհ ամերիկացի բժիշկի մը սեռային ոտնձգութիւններուն

ԱՄՆ-ի Միչիկըն նահանգի Լանսինկ քաղաքի դատարանին մէջ կայացած է ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Ամերիկայի մարմնամարզութեան հաւաքականի նախկին բժիշկ Լարի Նասսարի դէմ բացուած դատական նիստը:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, դատական նիստի ժամանակ իր ցուցմունքով հանդէս եկած է Քայլի Սթիւընզ, որուն ընտանիքը բժիշկ Նասսարի ընտանիքին բարեկամն էր: Քայլի յայտարարած է, թէ 6 տարեկանէն ի վեր ենթարկուած է բժիշկին սեռական ոտնձգութիւններուն, սակայն երբ փորձած է իր ծնողներուն պատմել պատահածին մասին, բժիշկը կարողացած է համոզել վերջիններս, որ իրենց դուստրը ստախօս է:

Քայլի դատարանին յայտնած է նաեւ, որ ինք բժիշկ Նասսարի երեխաներու խնամքով զբաղած է շատ երկար ժամանակ, որպէսզի զանոնք զերծ իրենց հօր սեռական ոտնձգութիւններէն:

Նիստի ընթացքին վկաներէն մէկը պատմած է, թէ ինչպէս իր 23-ամեայ դուստրը բժիշկին բռնաբարութիւններէն ազատելու համար անձնասպանութեան դիմած է:

Նշենք, որ բժիշկ Լարի Նասսար ընդունած է իր դէմ ուղղուած մեղադրանքը, ըստ որուն վերջինս տարբեր տարիքներու 140 աղջիկներ՝ մանուկներ եւ պարմանուհիներ բռնաբարած է, մարմնամարզութեան հաւաքականի բժիշկի պաշտօնը վարած տարիներուն:

Իր կատարած յանցաւոր արաքներուն համար Նասսար 60 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է: