image

Գերմանացի երգիչը Սուրիոյ մէջ սպաննուած

Գերմանացի երգիչը Սուրիոյ մէջ սպաննուած

Սուրիոյ մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման միաւորներուն դէմ ուղղուած օդային հարուածի ժամանակ սպաննուած է յիշեալ խմբաւորման շարքերուն միացած գերմանացի ռափ երգիչ Տենիս Քոսփըրթ:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին համաձայն, «Տիսօ Տոկ» անունով նշանաւոր դարձած երգիչը «Տահէշ»ի օտարերկրացի զինեալներէն է, որ բազմիցս հանդէս եկած է խմբաւորման տարածած տեսագրութիւններուն մէջ:

Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, գերմանացի երգիչը զինք լրտեսելու համար «FBI»ի կողմէ ուղարկուած թարգմանիչին հետ ամուսնացած է: