image

Հալէպ.Մահացած է Կարպիս Գարաճեանը

Հալէպ.Մահացած է Կարպիս Գարաճեանը

Հալէպի մէջ 50 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Կարպիս Գարաճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Կարպիս Գարաճեան ընտանիք կազմած  էր Սոնա Մարքէեանի հետ եւ ունէր երեք զաւակներ՝ Մարիա, Մեղրի եւ Բեկոր:

Նշենք, որ Գարաճեան իր մահկանացուն կնքած է երէկ՝ 28 յունուարին,  եւ անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը  պիտի կատարուին այսօր՝ 29 յունուարին, ժամը 3:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան, հանգուցալի պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս: