image
Հրատապ լուրեր:

Սումկայիթի մէջ հայ բնակչութեան ջարդերու 30–րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն Պէյրութի մէջ

Սումկայիթի մէջ հայ բնակչութեան ջարդերու 30–րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն Պէյրութի մէջ

25 Փետրուարին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան (ԱՀ) մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը մասնակցած է Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սումկայիթի հայ բնակչութեան ջարդերու 30–րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան։

Միջոցառման ներկայ եղած են Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ Լիբանանի հայ համայնքի եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները։

Այնուհետեւ միջոցառման մասնակիցները եկեղեցւոյ խաչքար-յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղած են՝ ի յիշատակ սումկայիթեան ջարդերու զոհերուն։