Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին կից բացուած է լիբանանահայ Փիեռ եւ Տիրան Պաղտատեաններու արտադրած «Կուրմէ-Տուրմէ» շոքոլայի վաճառքի խանութ: Այս մասին կը տեղեկանանք ընկերութեան հիմնադիրներէն Փիեռ Բաղտատեանէն:
Հայաստանի մէջ արդէն յայտնի այս ապրանքանիշի գաղտնիքը կապուած է չափազանց համեղ որակեալ շոքոլայի եւ նուէրային փաթեթաւորման նորարական գաղափարներու համակցման հետ:
«Կուրմէ Տուրմէ» ընկերութիւնը, որու կարգախօսն է «Տարբերուիլ բոլորէն», իր հիմնադրման օրէն՝ 2007-էն սկսած գրաւած է շոքոլայի շուկան իր գերազանց, նուրբ համով, եզակի ձեւաորումով եւ բարձրակարգ սպասարկմամբ:
Հիմնադիրները՝ սփիւռքահայ հայրենադարձ եղբայրները հաւատով կը շարունակեն հայրենիքի մէջ սկսած իրենց գործը: