image
Հրատապ լուրեր:

Հանրայայտ երգիչ Արամ MP3 ներկայ գտնուած է սուրիահայ 9-ամեայ աղջնակին ծննդեան տարեդարձին (Լուսանկարներ)

Հանրայայտ երգիչ Արամ MP3 ներկայ գտնուած է սուրիահայ 9-ամեայ աղջնակին ծննդեան տարեդարձին (Լուսանկարներ)

Երեւանի «dipndip» սրճարանէն ներս Արամ MP3 ներկայ եղած է սուրիահայ Վիքթորիա Թոփրագճեանին ծննդեան տարեդարձին:

Ան, կատարելով 9-ամեայ Վիքթորիայի մեծ երազանքը, անկանկալ եկած եւ երգած է անոր  ծնունդին: 

Ինչպէս կը պատմէ «Արեւելք»ի աղբիւրը, Վիքթորիայի մայրը իր աղջկան տարեդարձը գունաւոր ու երազային դարձնելու նպատակով, անակնկալ կազմակերպած էր եւ հրաւիրած էր անոր ամենասիրած երգիչ Արամ MP3-ին, որ մեծ հաճոյքով ընդառաջած էր Վիքթորիայի մեծ երազաքը իրականացնելուն եւ եկած ու երգած էր անոր ծնունդին:

Բացի Վիքթորիայէն, երգիչի անակնկալ յայտնուիլը ուրախացուցած էր նաեւ ծննդեան տօնակատարութեան ներկայ գտնուող փոքրիկներուն: