image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Ա. կաթողիկոս «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեանները (Լուսանկարներ)

Արամ Ա. կաթողիկոս «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեանները (Լուսանկարներ)

Իրենց ազգային բարեսիրական գործունէութեան, հայկական թաղամասերուն, հայ աշակերտին, լիբանանահայ քաղաքացիին, եկեղեցիին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ գուրգուրալից վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ վերջերս կաթողիկոսութեան արեւելեան պատի վերանորոգման աշխատանքները ամբողջութեամբ կատարելու առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը երէկ ՙԱսպետ՚-ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեանները:

 Պարգեւատրման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսութեան վեհարանին մէջ, սուրբ եւ անմահ Պատարագէն ետք, ներկայութեամբ Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Զիատ Շպիպի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ, պետական երեսփոխան ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի, պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանի, Մալեան ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ բարեկամներու բազմութեան:

 

 


Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէն ընկ.հի Անի Եփրեմեան: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեաններու կեանքն ու գործունէութիւնը, հայկական թաղամասերուն մէջ, հայկական միութիւններուն եւ եկեղեցւոյ ի նպաստ անոնց կատարած ծառայութիւնները: Ընկ.հի Եփրեմեան խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, ՙոր գիտէ գնահատել եւ արժեւորել գործող եւ յանձնառու ազգայինները՚: Ան իր խօսքը փակեց մէջբերելով վեհափառին խօսքը, որուն մէջ ան կը նշէ, թէ հովիւը պէտք է լաւ ճանչնայ իր հօտը, որպէսզի իր աշխատանքը կատարէ առաւել պատասխանատուութեամբ: ՙՀովիւին ու հօտին միջեւ մնայուն ու անմիջական կապը կենսական է մանաւանդ մեր եկեղեցւոյ համար, որ սոսկ կառոյց մը չէ, այլ ժողովուրդին կեանքը իր բոլոր բնագաւառներով ու տարածքներով իր մէջ պարփակող համայնական կեանք ու առաքելութիւն է՚, ըսաւ ընկ.հի Եփրեմեան, մէջբերելով Վեհափառ Հայրապետին խօսքերը:

 


 Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ նշեց, որ մարդը արժէք է ոչ թէ իր հարուստ կենսագրութեամբ, այլª հարուստ կեանքով: ՙԱյդ կեանքը կը դառնայ հարուստ, երբ ծառայութեամբ յատկանշուի, երբ ուրիշին համար կու տայ այն ինչ որ կենսական է: Մարդը կը դառնայ հարուստ ոչ թէ իր ունեցածով, այլª իր ըրածով: Բոլորս ալ կու գանք ու կþերթանք, կը մնայ այնª ինչ որ կու տանք՚, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան նշեց, որ Մալեան եղբայրներուն վերջին տարիներուն մօտէն ծանօթացած է եւ բացայայտած է քանի մը յատկութիւններ: Կաթողիկոսը նշեց, թէ շատ գեղեցիկ է տեսնել եղբայրներ, որոնք միասին կը մտածեն, միասին կը ծրագրեն եւ միասին կը գործեն, կոչ ուղղելով այդ յատկութիւնը վարակիչ դարձնելու բոլորին մօտ: ՙԻրենց մօտ բարերարութիւնը եւ ծառայութիւնը բնական երեւոյթ է: Ոմանք, երբ ծրագիրներու առաջարկներ կը ներկայացնենք իրենց, ժամանակ կը պահանջեն խորհրդակցելու: Իսկ այս երկու եղբայրները, ինչ որ առաջարկենք, մտածելու կարիք չունին, այլ իրապէս սրտաբուխ համաձայն կը գտնուին: Այս պարագային սրտաբուխ բառը կը համապատասխանէ իրենց իրականութեան՚, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Ան նշեց, թէ սպասելի է նեղ շրջանակէ դուրս գալով նաեւ ծառայել մեր սպասաւորութեան նուիրուած կառոյցներուն: ՙՕրինակելի երեւոյթ է, որ այս երկու եղբայրները, իրենց դպրոցին, միութեան, եկեղեցւոյ եւ միջավայրին տուած օգնութեան կողքին, այժմ նաեւ օգտակար կþըլլան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՚, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:


 Հայրապետական կոնդակի ընթերցումէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ՙԱսպետ՚-ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեանները: Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Արամ Մալեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ նշեց, որ ազգին, հայրենակիցներուն ու եկեղեցւոյ ծառայելը բեռ մը չէ, այլª պարտականութիւն, իրաւունք եւ պատիւ: ՙԲարեսիրութիւնը, հայկական ազգային հաստատութիւններուն եւ հայրենիքին հանդէպ գուրգուրալից մօտեցումը մաս կը կազմէ մեր խառնուածքին: Ան բնական արդիւնքն է այն կրթութեան, զոր մենք ստացանք մեր հայաշունչ ընտանիքին մէջ: Արդիւնքն է բարերարութիւնը քաջալերող մեր ծնողներու տուած կրթութեան: Նաեւ բնական արդիւնքն է այն կրթութեան, զոր մենք ստացանք մեր միութիւններու յարկին տակ, մեր հայկական թաղամասերուն մէջ՚, ըսաւ Արամ Մալեան: Ան նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը արդէն իսկ յաւելեալ խթան մըն էª շարունակելու ազգանուէր աշխատանքը: ՙՈւստի, մենք հպարտ ենք եւ պարտաւոր կը զգանք մասնակից դառնալու Վեհափառ Հայրապետի առաքելութեան, մեր լուման ներդնելու Կաթողիկոսութեան եւ գաղութի բարգաւաճման գործին մէջ, եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մաս կազմելու այն մեծ տեսլականին, զոր ունի Վեհափառ Հայրապետը: Այդ տեսլականին գործնականացումը եւ արդիւնքները արդէն իսկ յայտնի են բոլորին, ու մասնաւորապէս հայ ժողովուրդին ունեցած սէրը եւ յարգանքը Վեհափառ Հայրապետին հանդէպ՚, նշեց Արամ Մալեան:

 

 Հանդիսութեան մասնակիցները, ապա, իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին պարգեւատրեալներ Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեաններուն: