image
Հրատապ լուրեր:

Երկու հայեր հրաձգութեան զոհ՝ Լոս Անճելըսի մէջ

Երկու հայեր հրաձգութեան զոհ՝ Լոս Անճելըսի մէջ

Լոս Անճելըսի Վելի Կլէն շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով 2 հայ սպանուած է, կը գրէ dailynews.com-ը՝ մանրամասնելով, որ այս մէկը կրնայ յանցախմբերու հետ առնչութիւն ունեցող սպանութիւն ըլլալ:

Լոս Անճելըսի շրջանի դատական քննչական գրասենեակէն յայտնած են, որ սպանուածները 47-ամեայ Յակոբ Փափազեանն (Վան Նույսի բնակիչ) ու 57-ամեայ Վարդգէս Մեսրոպեանն են (Արքատիայի բնակիչ):

Մեսրոպեանը մահացած է անմիջապէս դէպքի վայրը, իսկ Փափազեանը մահացած է հիւանդանոց տեղափոխուելէն ետք:

Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը սահմանափակ տեղեկութիւններ հրապարակած է սպանութիւններու ու կասկածեալներու վերաբերեալ: Դեռ յայտնի չեն սպանութիւններու դրդապատճառները եւ թէ ինչ տեսակի զէնք կիրառուած է:

 

Լուրի աղբիւր՝ Թերթ.ամ