image

Դժբախտ պատահար. Մահացած է Հալէպ-Պէյրութ ճանապարհին արկածի ենթարկուած հայ վարորդը

Դժբախտ  պատահար. Մահացած է   Հալէպ-Պէյրութ ճանապարհին արկածի ենթարկուած  հայ վարորդը

Դժբախտ պատահար մը գրանցուած է Հալէպի մէջ: Հալէպահայ Յակոբ  Ֆըսթըքճեանը (Ծն. 1961) որ անցնող տաս օրերուն բուժման համար կը գտնուէր հիւանդանոցը, մահացած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Ֆըսթըքճեան վարորդ էր եւ կ'աշխատէր Հալէպ- Պէյրութ գիծին վրայ: Ան տաս օրեր առաջ ծանր արկածի մը ենթարկուած էր եւ իր հետ եղող ուղեւորը տեղւոյն վրայ մահացած էր:

Ֆըսթըքճեան ապա փոխադրուած էր հիւանդանոց, ուր կը գտնուէր բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ: Ան վերջին օրերուն  մտած էր մահաքունի մէջ  եւ երէկ աւանդած էր իր հոգին:

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած են այսօր առաւօտ Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային Գերեզմանոց: