image

Ֆէյրուզ նոր երգ նուիրած է Պաղեստինին (Տեսանիւթ)

Ֆէյրուզ նոր երգ նուիրած է Պաղեստինին (Տեսանիւթ)

«Երգը ժամանակին էր»,- յայտարարած է լիբանանցի երաժիշտ Խալէտ Արնուս, որ անդրադարձած է Պաղեստինի նուիրուած Ֆէյրուզի վերջին երգին տարածում չգտնելու պատճառներուն:

«Մինչեւ ե՞րբ, Տէր իմ» խորագիրը կրող երգը Ֆէյրուզի կողմէ կատարուած է շարականներու ոճով, այն նուիրելով ԱՄՆ դեսպանութիւնը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու դէպքին:

Երգի տեսահոլովակը, որ առաջին անգամ տարածուած է երգչուհիին դստեր՝ Ռիմա Ռահպանիի թուիթըրեան էջին, տեսարաններ կ'ընդգրկէ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ տեղի ունեցող բախումներէն, իսկ սեւազգեստ երգչուհիին ետին Քրիստոսի պատկերն է:

«Arabic Post» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին Արնուս յայտնած է, որ երգը չտարածուելու պատճառներէն էր գովազդի պակասը, ինչպէս նաեւ Ռամատան ամիսի թոհուբոհը: