image

Սփիւռքահայ բժիշկները պատրաստ են Հայաստանի մէջ տարբեր ծրագիրներ իրագործել. ԱՆ

Սփիւռքահայ բժիշկները պատրաստ են Հայաստանի մէջ տարբեր ծրագիրներ իրագործել. ԱՆ

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Չորեքշաբթի, 23 մայիսին ընդունեց Հայ բժիշկներու համաշխարհային կոմիտէի (ԱՄԻԿ) նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Վիգէն Սեփիլեան շեշտեց, որ սփիւռքահայ բժիշկները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններով եւ պատրաստ են հանդէս գալու առողջապահական ոլորտի զարգացման նոր ծրագիրներով:

«Հարիւրաւոր անդամներ ունեցող կոմիտէին մէջ ընդգրկուած սփիւռքահայ շատ մը մասնագէտներ պատրաստ են ներկայացնելու Հայաստանի մէջ իրականացուելիք զանազան նախագիծեր, ծրագիրներ, հետեւաբար, կարիք կայ զանոնք համատեղ համակարգելու: Այս հարցին գծով կ՛ակնկալենք նախարարութեան ուղղորդումը՝ գործը առաւել արդիւնաւէտ եւ նպատակաուղղուած իրականացնելու համար: Նոր կապերու առջեւ դուռը բաց է», ընդգծեց տոքթ. Սեփիլեան:

Ուրուագծելով 2018-2019 թուականներու ընելիքները՝ տոքթ. Սեփիլեան յայտնեց, որ Սփիւռքի  շարք մը համայնքներու մէջ պիտի կազմակերպուին համաժողովներ եւ առողջապահական հասարակական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ: