image
Հրատապ լուրեր:

Ռամատանեան ֆիլմաշարերու մեծ մասը Սուրիոյ պատերազմին մասին են

Ռամատանեան ֆիլմաշարերու մեծ  մասը Սուրիոյ պատերազմին մասին են

Ընթացիք Ռամատան ամսուն արաբական տարբեր հեռուստակայաններէ սփռուող սուրիական ֆիլմաշարերը այս տարի եւս կը թափանցեն Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակը, որոնցմէ գլխաւորը «Խառնաշփոթ» (Ֆաուտա) կոչուած ֆիլմաշարն է:

Շարք մը արաբական հեռուստակայաններու ցուցադրած «Խառնաշփոթ»ը, ըստ շատերու, ամենաշատ դիտումներու արժանացածն է այս տարուան ռամատանեան  ֆիլմաշարերուն մէջ:

«Խառնաշփոթ»ը գրողներ Հասան Սամի Եուսէֆի եւ Նաճիպ Նսայրի համատեղ ուժերով ծնունդ առած է, որ ըստ հեռուստադիտողներէն շատերու, ֆիլմաշարի յաջողութեան գրաւականն է:

Ֆիլմաշարը կը պատկերէ Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակը, խմբակային տեղահանութիւններու տեսարանները, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով առաջ եկած դատական համակարգի փտածութիւնը, մաֆիաները, իրավիճակը շահագործողները, որոնք երկիրը մատնած են խառնաշփոթի: