image

Երեւան. Իֆթարի ընթրիք արաբ ուսանողներու համար

Երեւան. Իֆթարի ընթրիք արաբ ուսանողներու համար

Երւանի մէջ արաբ ուսնողներուն «Իֆթար»ի ճաշ կը մատուցուի: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Տէրեան ճաշարանի ֆէյսպուքեան էջէն:

 

Շէյխ Զայէտ Պըն Սըլթան Ալ Նահիան հիմնադրամի եւ ԱՄԷ Կարմիր մահիկի միութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան կազմակերպած յատուկ ծրագրով, երէկ՝ 23 մայիսին, ուսման համար Երեւան գտնուող աւելի քան հարիւր արաբ ուսանող հիւրընկալուած է դեսպանատան կողմէ, Տէրեան ճաշարանէն ներս, ուր վայելած են իրենց հարազատ արեւելեան խահոանոցի թարմ եւ համեղ տեսականին: