image

14-ամեայ Ճոզէֆ Նաժի Ապի Հապիպի ճակատագիրը... Անձնասպանութիւն, թէ սպանութիւն

14-ամեայ Ճոզէֆ Նաժի Ապի Հապիպի ճակատագիրը... Անձնասպանութիւն, թէ սպանութիւն

Լիբանանի Ռումիէ շրջանի Մար Ապտա եկեղեցւոյ բակին մէջ փամփուշտի վնասուածքով կեանքէ հեռացած 14-ամեայ Ճոզէֆ Նաժի Ապի Հապիպի մահուան հանգամանքները կը շարունակեն մնալ անյայտ:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, պատանին անձնասպանութեան դիմած է, վերջ տալով իր կեանքին, իր ետին թողելով բազմաթիւ անպատասխան հարցեր, իր արարքի դրդապատճառներուն հետ կապուած:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Ապի Հապիպ միջնակարգի աւարտական կարգի աշակերտ էր, որուն յանձնած պետական քննութիւններու արդիւնքները տակաւին չէին հրապարակուած:

Նշուած է, որ պատանիին ընտանիքի անդամները կիրակի երեկոյեան իրենց զաւկին հետքը կորսնցուցած են, մայրը բազմիցս փորձած է հեռախօսակապ հաստատել Ճոզէֆի հետ, սակայն ապարդիւն:

Ուշագրաւ էր սակայն այն, որ պատանիի մեծ հօր ատրճանակը նոյնպէս անհետացած էր, եւ ի վերջոյ յայտնաբերուած է Ճոզէֆի դիակը, արիւնլուայ վիճակով:

Դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ, եւ իրաւասու մարմինները կը շարունակեն անհրաժեշտ քննութիւններ կատարել, դէպքի մանրամասները պարզելու համար: