image

Հայ գործիչին յայտարարութիւնները զայրացուցած են Թուրքիան

Հայ  գործիչին յայտարարութիւնները  զայրացուցած են Թուրքիան

Թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան արժանացած է ռուսական «Вести FM» ռատիոյի եթերով հեռարձակուած «Էրտողանի օսմանեան ամպիցիաները» անուամբ հաղորդումը։

 

Հաղորդման հիւր եղած է Ռուսիոյ «Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գործիչ, փորձագէտ  ծագումով հայ Սէմիոն Բաղտասարովը։  Վերջինիս խօսքերը Օսմանեան կայսրութեան եւ Սուլէյման սուլթանի ռուս կնոջ՝ Հիւրէմմի (Ռոքսոլոնա) մասին զայրացուցած են թրքական լրատուամիջոցները։

Բաղտասարովը ըսած է, որ  Բիւզանդական կայսրութեան հիմնական էթնիկ զանգուածը հայերն ու յոյներն էին։ Սակայն երբ այն  կործանուեցաւ, այնտեղի բնակչութեան մեծ մասը թրքացան։ Որոշ մարդոց երակներու մէջ դեռ կը հոսի ոչ թրքական արիւն։