image

Էրտողանի փեսան կը սպառնայ. Պատճա՞ռը

Էրտողանի  փեսան  կը սպառնայ. Պատճա՞ռը

Թուրքիոյ կենսուժի եւ բնական պաշարներու նախարար, նախագահ Էրտողանի փեսա Պէրաթ Ալպայրաք արտահերթ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններու ընդառաջ յայտարարած է, որ եթէ ընտրութիւններու ժամանակ քաղաքացիները դիմեն «արկածախնդրութեան»՝ Թուրքիան կը վերածուի «երկրորդ Իրաքի ու Սուրիոյ»:

«Կ'ըսէք՝ «յոգնած ենք»։ Այդ ինչէն յոգնած էք, որմէ՞ յոգնած էք։ Անոնք, որոնք արկածախնդրութիւն կը փնտռեն, կ'առաջարկեմ նայիլ երկրի հարաւային սահմանին․ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ 15 տարուան ընթացքին 2 միլիոն մարդ մահացած է», - ըսած է Ալպայրաք։

Ընդդիմադիր լրատուամիջոցները Էրտողանի փեսայի այս յայտարարութիւնը որակած են որպէս ուղիղ սպառնալիք ընտրողներուն։