image

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի պատանին ազատ արձակուած է

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի պատանին ազատ արձակուած է

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի Մուսթաֆա Ալ Հաժ Տիապ անունով պատանին ազատ արձակուած ու Լիբանան վերադարձած է:

Աղբիւրին համաձայն, պատանին մօտ ամիս մը առաջ առեւանգուած էր, երբ իր մօր եւ քրոջ հետ Սուրիա այցելած ժամանակ զինեալ ահաբեկիչներ կտրելով վերջիններուս ճամբան, ներկայացած էին որպէս Սուրիոյ բանակի զինուորներ, եւ իրենց հետ վերցուցած պատանին:

Երկար բանակցութիւններէ ետք զինեալներուն տրամադրուած է 4,5 միլիոն սուրիական լիրա, որմէ ետք 16-ամեայ պատանին ազատ արձակուած է: