image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ գտնուող Հայկական Բանակի պատուիրակութիւնը այցելած է Կիլիկեան վարժարան

Հալէպ գտնուող Հայկական Բանակի պատուիրակութիւնը այցելած է Կիլիկեան վարժարան

Հալէպ գտնուող Հայկական Բանակի պատուիրակութիւնը, 10 յուլիսին այցելած է Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան Վարժարանը, իր երեք բաժիններով: Պատուիրակութեան ուղեկցած է ՀՀ Հալէպի արտակարգ եւ լիազօր հիւպատոս Պրն. Արմէն Սարգսեանը:

Հիւրերը ընդունելութեան արժանացած են Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ Ս.Դ.Հ.Կ. Խնամակալութեան կողմէ, տեղի ունեցած է պաշտօնական մուտք,  սուրիական եւ հայկական քայլերգներու՝ ՀՄՄ-ի փողերախումբի կատարմամբ:

Հայ սպաները այցելած են նաեւ պատերազմի ժամանակ վնասուած վարժարանին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի մասնաշէնքերը: Անոնք սրտի ցաւով եւ կսկիծով դիտած են եղած աւերը, բայց եւ յոյս եւ կամք ներշնչած վերաշինելու եւ ամբողջացնելու կառոյցները: