Լիբանանցի անուանի երգիչ Զէյն Ալ Օմար երէկ յարձակման ենթարկուած է։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Lebanon 24 կայքը նշելով, որ Օմար հետապնդուելէ ետք երկու անծանօթներու կողմէ թիրախ դարձած է անոնց կրակոցներուն ու վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց։
Իր կարգին «Պի սարահա» կայքը գրած է, որ Օմարի դէմ եղած յարձակումը կապ ունի «Սամայա» մարզական համալիրին շուրջ առկայ տարակարծութիւններուն եւ դրամական հարցերուն հետ։
Կը նշուի նաեւ, որ Օմարի վրայ յարձակող անցերը եղած են մոթոսիքլէթի վրայ։