image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ պատասխանած է սուրիացի դերասան Ժամալ Սըլայէման «Աստուծոյ կը հաւատա՞ս» հարցումին

Ինչ պատասխանած է սուրիացի դերասան Ժամալ Սըլայէման «Աստուծոյ կը հաւատա՞ս» հարցումին

«Աստուծոյ կը հաւատա՞ս» հեռուստանախագիծի հեղինակ Ճոզէֆ Իսաուի հիւրընկալելով սուրիացի հանրայայտ դերասան Ժամալ Սլէյմանը, նոյն հարցը ուղղած է նաեւ վերջինիս, ստաալով հետեւեալ պատասխանկը. «Այո', կը հաւատամ Աստուծոյ, որովհետեւ այս տիեզերքն ստեղծող Աստուած գոյութիւն ունի, գիտութիւնը չէ կարողացած բոլոր հարցերուն պատասխան տալ, ամէն բան սկիզբ ունի, եւ այդ սկիզբը Աստուծմէ է, որ այս տիեզերքն ստեղծած է: Աստուած գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր ծառի մէջ, իրաքանչիւր մարդու, թռչող թռչունի, իր զաւակները պաշտպանող իւրաքանչիւր էգ առիւծի մէջ, գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր երեխայի մէջ, որ իր մայրը հոտէն կը ճանչնայ, մենք տիեզերքի ստեղծման գաղտնիքն ենք, Աստուած գոյութիւն ունի տիեզերական ներդաշնակութեան, մարդու երաշժտական, բանաստեղծական, ստեղծարար տաղանդներուն մէջ, ինչպէս նաեւ այլոց սիրոյն ինքզինք զոհող որոշ մարդոց խիղճին մէջ»:

Դերասանը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը հրաշագործութիւն որակած է, միաժամանակ շեշտելով, որ մարդ պարտաւոր է պայքարիլ իր մէջ գոյութիւն ունեցող չարութեան դէմ: