image
Հրատապ լուրեր:

Իրանահայ ստեղծագործողը շունչ կու տայ մաշտոցեան գիրերուն. Ցուցահանդէս Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

Իրանահայ ստեղծագործողը շունչ կու տայ մաշտոցեան գիրերուն. Ցուցահանդէս Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

Այսօր Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ նկարչուհի, բանաստեղծ Ռուպինա Տէր-Բարսեղեանի «Մեր երգեցիկ այբուբենը» խորագրով ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։ Ցուցահանդէսը կազմակերպած են Լեզուի կոմիտէն եւ Աւ․ Իսահակեանի տուն-թանգարանը:  Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրճինեանը։ Ներկաներուն պիտի ողջունեն թանգարանի տնօրէն Անժելա Խորենեանը, նկարչուհի Ռուպինա Տէր-Բարսեղեանը։

Ռուպինա Տէր-Բարսեղեանը ծնած է Իրանի Ահուազ քաղաքը, մեծցած է հայաշունչ Նոր Ջուղային մէջ, ուր 4 տարի սորված է հայկական դպրոցէն ներս: Ապա տեղափոխուած է Հնդկաստան, տարիներ անց վերադարձած Իրան, Թեհրան, ուր աշխատած է, ընտանիք կազմել: 1989-ին ընտանեօք տեղափոխուած է Գերմանիա, Հայտըլպըրկ: 2005-էն Ռուպինան, նկարչական կրթութիւն չունենալով, սկսած է նկարել հայկական այբուբենի տառերը, որոնց հարազատ հնչիւնները մշտապէս իր ականջին մէջ էին ու կը մեղմէին մենութեան զգացումը: Մաշտոցեան տառերը Ռուպինան կը զուգակցէ հայոց հնագոյն ժայռապատկերներուն եւ կ'ընտրէ իր հոգեվիճակին բնորոշ գոյներ։

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 20 օգոստոս: