image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Սուրիացի յայտնի գրագէտ Հաննա Մինան

Ոչ  եւս  է Սուրիացի   յայտնի   գրագէտ  Հաննա  Մինան

   Այսօր իր մահկանացուն կնքած է     սուրիացի  անուանի   գրող Հաննա Մինան։

 

 Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ   Սուրիոյ «Սանա»  լրատուական  գործակալութիւնը  նշելով նաեւ, որ   իր մահկանացուն կնքած    Մինա    երկար  ժամանակէ ի վեր կը պայքարէր   անողոք հիւանդութեան դէմ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  քառասունէ աւելի վիպակներու հեղինակ  Մինան կը համարուի  Սուրիոյ  արձակի   վարպետներէն մին  եւ անոր գործերուն մէջ  մեծ  տեղ տրուած է անարադարութեան դէմ պայքարին, կիներու իրաւունքներուն եւ  կաշառակերութեան      վտանգաւոր երեւոյթին։

 

   Լաթաքիա  ծնած Մինա,  որ նաեւ հիմնադիրն է   Սուրիոյ  մէջ գործող   «Արաբ   գրողներու  միութեան»      94 տարեկան էր։