image
Հրատապ լուրեր:

Գէորգ Հաճեան համերգը Մարտունիի Նոր Շէն գիւղին մէջ

Գէորգ Հաճեան համերգը    Մարտունիի Նոր Շէն գիւղին մէջ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մարտունիի շրջանի Նոր Շէն գիւղի մշակոյթի տան մէջ, 28 Սեպտեմբերին, ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի համերգը՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90 եւ Արցախեան շարժման 30-ամեակներուն:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Համազգային հայ կրթական  եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան:

Ան նշած է, որ համերգին՝ Գէորգ Հաճեանի կատարումով պիտի հնչեն ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Համերգին՝ ազգագրական պարերով պիտի միանան «Տնջրէ» աւանդական երգի եւ պարի, ինչպէս նաեւ Նոր Շէնի «Մոնթէ» խումբերը:

Հերմինէ Աւագեան նշած է, որ Գէորգ Հաճեան համերգային ծրագիրներով հանդէս պիտի գայ նաեւ ԱՀ ՊԲ զօրամասերու մէջ: