image

Ինչպէս յիշատակեց հայազգի դիւանագէտը իր կնոջը

Ինչպէս յիշատակեց հայազգի դիւանագէտը իր կնոջը

ՄԱԿ-ի մօտ երկար տարիներ դիւանագիտական ծառայութիւն իրականացուցած հայազգի դիւանագէտ Պենոն Սեւան դիմատետրի իր էջին իր կնոջը լուսանկարը տեղադրած է :

 

Պենոն Սեւան, որուն կինը մահացած էր շաբաթներ առաջ, կոչ ըրած է իր բարեկամներուն եւ ծանօթներուն մասնակցիլ իր կողմէն ստեղծուած դրամական ֆոնտին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բուժում ապահովել բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին քաղցկեղի հիւանդութենէն:

 

Նշենք նաեւ, որ Պենոն Սեւանի կինը մահացած էր քաղցկեղէ:

 

Յիշեցնենք, որ Կիպրոս ծնած եւ ներկայիս ալ Կիպրոս բնակող հայազգի դիւանագէտը կարեւոր գործունէութիւն տարած էր յատկապէս Իրաքի մէջ, այն տարիներուն, երբ ՄԱԿ-ի կողմէ հովանաւորուած «Ուտելիքի փոխարէն նաւթ» ծրագիրը գործի դրուած էր, փրկելու համար Իրաքի երեխաները սովէն եւ դժուարին  պայմաններէն: