image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Յանկարծամահ եղած է Լուսին Կիւզէլեանը

Հալէպ. Յանկարծամահ եղած է Լուսին Կիւզէլեանը

Հալէպի մէջ  յանկարծամահ եղած է Լուսին Կիւզէլեան-Չօմլէքեանը։

Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։

Նշենք, որ այս տխուր առթիւ Հայր Թաթուլ  վրդ. Քարտանաքեան  կատարած է կարճ  գրառում մը, որ կուտանք  ստորեւ ՝

 

«Անխուսափելի է մահը եւ վիճակուած բոլորին: Զազրելին այն է այս կեանքին, որ մեզմէ կը խլէ սիրելիներ ու բարեկամներ` յիշեցնելով, որ «Մահուան դիմաց բոլորը հաւասար են»: 

Կանուխ էր հեռանալդ եւ ցաւալի, բայց կուզենք միշտ կրկնել «եղիցի կամքն Աստուծոյ». վստահ եմ եւ քաջ գիտակից, որ դաժան այս կեանքէն բաժնուիլդ հակառակ անոր, որ մեզ ցաւ կը պատճառէ, սակայն քեզի յաւիտենական հանգիստ կը պարգեւէ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ...

Կաղօթեմ, որ դասակից ըլլաս սուրբերուն եւ ընտրեալներուն»։