image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Ընթացք առած է միջ-վարժարանային մարզական մրցաշարք

Հալէպ.   Ընթացք  առած է   միջ-վարժարանային  մարզական մրցաշարք

Հալպի մէջ, 16 նոյեմբերին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի շրջափակէն ներս, բացումը կատարուած է Հալէպի հայկական միջ-վարժարաններու մարզական մրցաշարքին: Այս մասին կը տեղեկանանք «ՀՄԸՄ Սուրիա» ֆէյսպուքեան էջէն:

Մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հալէպահայ ութ վարժարաններու աշակերտներ, կազմակերպած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ՍԵՎԱՄ (Սուրիա­հայ երկ­սեռ վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տա­կան մար­զա­խա­ղեր) մարզական յանձնախումբը:

 


Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ, մարզիչներ եւ աշակերտներ:

 ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենադպրուհի՝ Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան փոխանցելով Շրջ.Վարչութեան խօսքը, նշած է, որ 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքը նուիրուած է ՀՄԸՄ-ի 100 ամեակին։ Ան ողջունած է Հալէպահայ ութ վարժարաններու տնօրէնութիւնները, հոգաբարձութիւններն ու ուսուցչական կազմերը եւ աշակերտներուն մաղթած աշխոյժ մրցակցութիւն: 

 

 
ՍԵՎԱՄ Յանձնախումբի ատենապետ՝ Եղիա Քիլէճեան եւս խօսք առնելով, նշած է, որ ՀՄԸՄ-ը հիմնադրուած օրէն կը միտի մարզական առոյգ ոգին սերմանել հայ նոր սերունդին մէջ եւ ընկերային առողջ մթնոլորտ ստեղծել անոնց համար: Ան նշած է որ այս տարի նոր մարզախաղեր աւելցած են մրցաշարքին (աթլէթ, լող, քարաթէ եւ քունկ ֆու):

 
Իր սրտի խօսքը փոխանցած է նաեւ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: Ան գնահատած է 100 ամեայ ՀՄԸՄ-ը, որ նոյնիսկ տագնապի տարիներուն կազմակերպեց այսպիսի ձեռնարկներ։

 


 
Ապա ներկաները ուղղուած են «Փօլատեան» սրահ, ուր Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան եւ մարզիչներ՝ Յակոբ Միսաքեան, Մկօ Սիւնպիւլեան եւ Միրէյ Թիւթիւնճեան փինկ-փոնկի ցուցադրական խաղով կատարած են մրցաշարքի բացումը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վարժարաններու աշակերտներու մրցումները: