image

Գողութեան դէպք Դամասկոսի գիւղական հատուածին մէջ. Յանցագործը բանակէն խոյս տուած զինուորական մըն է

Գողութեան դէպք Դամասկոսի գիւղական հատուածին մէջ. Յանցագործը բանակէն խոյս տուած զինուորական մըն է

Գողութեան եւ սպաննութեան դէպք գրանցուած է Դամասկոսի գաւառներէն «Ասալ Ալ-ուարտ» շրջանին մէջ: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը, յղում ընելով Դամասկոսի ոստիկանութեան դիմատետրի էջին:

Ըստ աղբիւրին, 1997 թուականի ծնունդ զինուորական մը, որ օրեր առաջ խոյս տուած էր զինուորային ծառայութենէն, կողոպտած եւ ապա սպաննած է այդ գիւղին մէջ բնակող Ֆաթիմա Խալուֆ անունով կինը (ծնեալ՝ 1954) եւ սպաննելէն ետք ալ, գողցած է անոր մօտ եղած մէկ միլիոն սուրիական, 400 եուրօ եւ 200 ամն տոլարը:

Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը յաջողած է ձերբակալել յանցագործը եւ ան ներկայիս կը գտնուի կալանքի տակ: