image

Հալէպ.Մահացած է հայրենաւանդ ուսուցչուհի Գոհարիկ Արուշեանը

Հալէպ.Մահացած է   հայրենաւանդ  ուսուցչուհի  Գոհարիկ Արուշեանը

 Հալէպի  մէջ իր մահկանացուն   կնքած է    ազգային մշակ եւ   գործիչ  Գոհարիկ Արուշեանը։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը նշեց, որ հանգուցեալը  աւելի քան  35    տարի         ուսուցչութիւն           կատարած է   Հալէպի  Հայկազեան վարժարանին մէջ։

 Նշենք, որ հանգուցեալի   յուղարկաւորութիւնն   ու թաղումը տեղի  ունեցած են  այսօր  Հալէպի Սուրբ  Գրիգոր  Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ մէջ: