Օրեր առաջ Քեսապի վրայ ինկած հրթիռները կրնային աղէտալի դառնալ, յատկապէս որ հրթիռը ինկած պահուն մեծ թիւով աշակերտներ կը գտնուէին վարժարանին մէջ։
Այս առթիւ տեղի ունեցած է գոհաբանական աղօթք։ Այդ մասին գրած է Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ վրդ. Լուիզեան։
Վարդապետը մասնաւորապէս գրած է.
«Կիրակի՝ 13 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վանքի եկեղեցէոյ մէջ գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեցինք առ ի երախտագիտութիւն Աստուծոյ եւ Աստուածամօր որ ինկած հրթիռէն հրխնաեց մեր վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմը մեծ աղէտէ:
Պատարագի աւարտին մեր ուխտի մատաղները զոհեցինք Աստուածամօր՝ «Տիրամայր Քեսապի» ոտքերուն առջեւ եւ վարժարանիս դռան առջեւ: Ուխտի մատաղները նուիրեցինք կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Բոլորին ուխտը կատար եւ Աստուածամայրը միշտ բարեխօսէ ու Աստծուած միշտ պահապան»։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ