image

Ոչ եւս է պէյրութահայ նուիրեալ դաստիարակ՝ Շաքէ Եագուպեանը

Ոչ եւս  է պէյրութահայ  նուիրեալ   դաստիարակ՝ Շաքէ  Եագուպեանը

Լիբանանէն ծանր բօթ ստացանք.  այսօր  իր մահկանացուն կնքած է    առնուազն  երեք  սերունդներու  սիրուած  ուսուցչուհի եւ դաստիարակ՝  տիկին Շաքէ  Եագուպեանը։

Տարբեր  վարժարաններու,  բայց մանաւանդ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Գոլէճէն ներս հայերէնի եւ հայոց  պատմութեան  դասանիւթերու սիրուած   եւ փնտռուած ուսուցչուհին  վերջին շրջանին կ՚ապրէր  Ազունիէի  Ազգային  Բուժարանին  մէջ՝ արժանանալով  ազգային  մարմիններու, ինչպէս նաեւ բուժարանի  անձնակազմի  յատուկ ուշադրութեան։ Սակաւախօս,  խոհուն եւ     իւրաքանչիւր ուսանողի եւ  աշակերտի հոգին  կարդացող ու ճանչցող   դաստիարակ  տիկին Շաքէն եղած է նաեւ Լիբանանի  Օգնութեան  Խաչի ՝ Լ.Օ.Խ.ի անձնուէր  նուիրեալներէն։

 

Լիբանանահայութիւնը հարուածած  պատերազմի  ամէնայ  թէժ օրերուն  տիկին Շաքէն  իր ծով համբերութեամբ եւ  անձնուէր ոգիով   կարողացաւ       ներկայութիւն ըլլալ  գաղութի  ազգային կեանքին մէջ եւ իր ներկայութեամբ ամոքել, մխիթարել  եւ կորով տալ    հայութեան անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը   իրենց ուսերուն   առած լիբանանահայ  երիտասարդութեան։

Իր  էութեամբ,     ազգային     ջիղով  եւ  ոգեղէն ամրութեամբ ան կերտեց սերունդներ եւ  անոր թողած  հետքն  ու   կերտած արժէքները դեռ  երկար  ատեն  իրենց հետքը պիտի  թողուն բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ, որոնք մօտէն  ճանչցան  զինք, որոնք լսեցին անոր   ձայնը եւ   ի վերջոյ բոլոր անոնց, որ  աշակերտեցան  իրեն։

Օտար հողը թեթեւ  գայ   վրադ, սիրելի տիկին Շաքէ։

 

 Լուսանկարին մէջ՝  Տիկին Շաքէ Եագուպեանը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.   Արամ  Ա. Կաթողիկոսի՝  Ազունիէի Ազգային  Բուժարան    տուած  այցելութեան   ընթացքին։