image
Հրատապ լուրեր:

Նոր նուաճում Պէյրութէն.Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտը ուսումը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ

Նոր նուաճում Պէյրութէն.Մեսրոպեան վարժարանի  աշակերտը  ուսումը  պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ

 Պէյրութի  Հայ  Կաթողիկէ վարժարանի  աշակերտ ՝  Ճօ Կարապետեան    իր ուսումնառութիւնը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

 

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Մեսրոպեան   վարժարանի պատասխանատուներէն։

 Մեր   աղբիւրը  նաեւ   յայտնեց, որ  Ճօ Կարապետեան մասնակցած է  Միացեալ

Նահանգներու «YES» (Youth Exchange and Study) ծրագիրի քննութիւններուն եւ

Արձանագրած պատուաբեր յաջողութիւն, որուն համար ալ ան   առիթը  պիտի ունենայ 2019-2020 տարեշրջանին իր ուսմնառութիւնը  

Շարունակել  Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կը նշուի  նաեւ, որ   Ճօ  Մեսրոպեան վարժարանի 8-րդ

աշակերտն է, որ «YES» ծրագրով ուսումնառութեան կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ:

  Յիշեցնենք, որ հայ  աշակերտի  ուսման եւ ճամբորդութեան  ծախսերը պիտի  հոգայ ամերիկեան  կառավարութիւնը։