image

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ընդունած է տիրամայր Մարի Մութաֆեանը (Լուսանկար)

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ընդունած է տիրամայր Մարի Մութաֆեանը (Լուսանկար)

«Արեւելք»ի  Թուրքիոյ աղբիւրը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմը ընդունած է Պոլսոյ՝ երէկ կեանքէն հեռացած պատրիարք  Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մայրը՝ տիրամայր Մարի Մութաֆեանը եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնած է անոր որդիի մահուան կապակցութեամբ: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն: Այդ հիւանդանոցին մէջ ալ տարիներ շարունակ կը գտնուէր անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող պատրիարքը:   

Յիշեցնենք, որ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանը  թրքական դատարանի կողմէ 2016-ին նշանակուած էր իր որդիի պաշտօնական խնամակալ եւ կը ներկայացնէր որդիին շահերը՝ պաշտօնական կառոյցներուն մէջ: