image

Լիբանանահայ վարսայարդարը արաբական աշխարհի վարսայարդարման մրցումի մրցանակակիր

Լիբանանահայ վարսայարդարը արաբական աշխարհի վարսայարդարման մրցումի մրցանակակիր

11 Մարտին Եգիպտոսի մէջ կայացած արաբական աշխարհի վարսայարդարման մրցումին Յովսէփ Թըլըսըմեան (Սալոն Հ.Մ.Մ.) արժանացած է այր մարդու լաւագոյն վարսայարդարման մրցանակին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Արարատ» օրաթերթէն:

Մրցումը չորրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուած էր «Արաբ վարսայարդարներու փառատօն»ի շրջանակէն ներս, Գահիրէի մէջ: Փառատօնի ղեկավարութեան հրաւէրով մրցումին մասնակցած էր նաեւ Լիբանանը՝ երկու վարսայարդարով:

Մասնակցողներուն մէջ որպէս միակ հայ վարսայարդարը, Յովսէփ Թըլըսըմեանը լիբանանեան դրօշի կողքին բարձրացուցած է նաեւ հայկական դրօշը: