image
Հրատապ լուրեր:

Հայ բժիշկները փրկած են 2-ամեայ սուրիահայ Նարեկ Գէորգեանի կեանքը

Հայ բժիշկները փրկած են 2-ամեայ սուրիահայ Նարեկ Գէորգեանի կեանքը

«Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի բժիշկները փրկած են սուրիահայ Գէորգեաններու երկամեայ զաւակի կեանքը, որ հիւանդանոց տեղափոխուած էր գլխուղեղի ծանր վնասուածքով. երեխայի ապրելու հնարաւորութիւնը գնահատուած էր ընդամէնը 1 տոկոս: Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Սուրիահայ Գէորգեաններու ընտանիքը 6 տարի առաջ գաղթած է Հայաստան: Այստեղ ալ ծնած է անոնց երկրորդ ու երկար սպասուած երեխան: 2-ամեայ Նարեկը երեք ամիս առաջ տան մէջ սայլակէն վար ինկած է եւ կորսնցուցած գիտակցութիւնը: Երեխային շտապօգնութիւնը տեղափոխած է Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն:

«Երեխան անյաջող էր ընկել եւ ծայրայեղ ծանր վիճակում էր: Գանկուղեղում կամրջային երակները կտրուել էին եւ ծաւալային արիւնազեղում՝ հեմաթոմա էր առաջացել», – նշած է բժշկական կեդրոնի ջղավիրաբուժական բաժանմունքի վարիչ Մարգար Մարտիրոսեանը:

Հիւանդանոց տեղափոխուած օրը աւելի քան 3 ժամ տեւողութեամբ բարդ վիրահատութիւնը յաջող անցած է, թէեւ երեխայի ապրելու հնարաւորութիւնը գնահատուած էր ընդամէնը 1 տոկոս:

«Բաւական լայն մուտք կատարուեց՝ թրեփանացիա արուեց, հեռացուեց արիւնակոյտը: Մենք հասկանում էինք, որ արուածը բաւարար չէ, եւ հնարաւոր է ուղեղի այտուց առաջանայ: Դրա համար հեռացուած ոսկրային մասը սառեցուեց եւ պահուեց», – նշած է Մարգար Մարտիրոսեանը:

«Բժիշկները շատ չեն ասում, որ հաւատում են հրաշքների, բայց այս դէպքում իսկապէս բժշկական հրաշք էր»,- նշած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Նիկոլայ Դալլաքեանը:

Բժիշկները յաղթած են, բայց կեանքի համար պայքարը շարունակուած է նաեւ յաջորդող երեք շաբաթներուն:

«Երկար ժամանակ՝ մօտ 20 օր, երեխան վերակենդանացման բաժանմունքն էր՝ արհեստական շնչառութեանմբ: Չէր տեսներ, չէր զգար եւ չէր արձագանգեր: Մասնագէտներու աջակցութեամբ հետզհետէ այդ ամէնը յաղթահարեցինք», նշած է Նարեկի հայրը՝ Ներսէս Քէւօն:

«Բժիշկներու շնորհիւ երեխաս 2-րդ ծնունդ ունեցաւ: Մենք ընդհանրապէս յոյս չունէինք, որ ինքը կը վերականգնուի: Կ'ըսէին՝ կրնայ փրկուիլ, բայց ոչ լիարժէք եւ հաշմանդամ կ'ըլլայ, բայց ոչ, արդիւնքը կը տեսնենք»,- նշած է երեխայի մայրը՝ Աստղիկ Մուրատեանը:

Ապաքինման դրական փոփոխութիւնները տեսանելի էին ամէն օր: Սակայն բժիշկներուն համար Նարեկի պատմութիւնը աւարտած չէր: 7 Մարտին կատարուած է երկրորդ վիրահատութիւնը եւ գանկոսկրի հեռացուած հատուածը վերատեղադրուած է:

Այսօր Նարեկն արդէն կը ժպտայ, կը հասկնայ ամէն ինչ ու կը փորձէ խօսիլ:

«Նարեկն իմ այն առաջին հիւանդներից է, որ հրաշքով փրկուել է: Կարող եմ վստահօրէն ասել, որ այս արդիւնքի մէջ շատ մեծ դեր է խաղացել հաւատը: Հիմա արդէն պայքարում ենք կեանքի որակի համար»,- ըսած է ջղավիրաբոյժ Նառա Լալազարեանը:

Բժիշկները վստահ են, որ վերականգնողական կեդրոններուն մէջ բուժումը շարունակելէ ետք Նարեկը կրնայ լիարժէքօրէն կեանք վերադառնալ:

Նարեկի պատմութիւնը մէկն է այն հարիւրաւորներէն, որոնց մասին քիչերը գիտեն: «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի անձնակազմը կը պայքարի ու բժշկական հրաշքներ կը գործէ:

«Բժշկական կեդրոնն ամէն տարի սպասարկում է աւելի քան 10 հազար երեխայի: Քառակի, հնգակի աւելի է ամպուլաթոր ծառայութիւններից օգտուողների թիւը», – նկատած է Նիկոլայ Դալլաքեանը: