image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Մաղաքիայ վարդապետ Ամիրեանը ծառայութեան կոչուած է Վիրահայոց թեմին մէջ

Տ. Մաղաքիայ վարդապետ Ամիրեանը ծառայութեան կոչուած է Վիրահայոց թեմին մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու նոր նշանակումներ:

Հոգեշնորհ Տ. Մաղաքիայ վարդապետ Ամիրեանը ծառայութեան կոչուած է Վիրահայոց թեմին մէջ` թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ:

Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեան իր ծառայութիւնը պիտի բերէ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմին մէջ` թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ: