image

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջապէս խաղաղութեան հնարաւորութիւն ստեղծուած է․ The Washington Post

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջապէս խաղաղութեան հնարաւորութիւն ստեղծուած է․ The Washington Post

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջապէս խաղաղութեան հնարաւորութիւն ստեղծուած է, կը գրէ «The Washington Post»-ի վերլուծականը, փաստելով՝ տասնամեակներ շարունակուած անարդիւնք բանակցութիւններէն ետք՝ հիմա էական փոփոխութիւն արձանագրուած է, որ կրնայ տանիլ դէպի կարգաւորում:

«Մէկ տարի առաջ Հայաստանի մէջ ցուցարարները պաշտօնանկ ըրին վարչապետը՝ ճանապարհ հարթելով դեկտեմբերին կայացած ազատ ընտրութիւններուն: Հայաստանի ժողովրդավարական առաջընթացը կրնայ հակամարտութեան երկու կողմերուն մօտ ալ փոխել առաջնորդներու յաւակնութիւնները», - պնդած է վերլուծականը՝ մանրամասնելով․ - «Գիտական վերջին հետազօտութիւնները կը փաստեն, որ երբ տարածաշրջանը առաւել ժողովրդավար կը դառնայ, հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարը կ'աճի, թշնամանքի միտումը՝ կը նուազի: Ժողովրդավար հասարակութիւնները հարեւաններուն հետ խաղաղ շփումներու կողմնակից են, կը ձգտին առաջ տանիլ համագործակցութիւնն ու փոխզիջումները, ինչը կը թուլացնէ աջակցութիւնը՝ խնդրի ռազմական կարգաւորման»:

Վերլուծականը միաժամանակ փաստած է՝ տարածաշրջանի ժողովրդավարացումը անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայման է: «Հետազօտութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, որ համաձայնութեան աւելի հաւանական է հասնիլ, եթէ բոլոր կողմերը ներգրաւուած ըլլան բանակցութիւններուն: Հիմա հրատապը հակամարտութենէն տուժած բոլոր խումբերու՝ շփման գիծի մօտ ապրող գիւղական համայնքներու, կիներու, փախստականներու ու Լեռնային Ղարաբաղի ներգրաւումն է կարգաւորման գործընթացին մէջ», - կը պնդէ «The Washington Post»-ի յօդուածը` փաստելով, որ բոլոր այս խումբերը տարիներ շարունակ դուրս թողուած են բանակցութիւններէն:

«Անշուշտ, երբ զինուորականները կը շարունակեն վերահսկել սահմանները եւ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան երաշխիքներ չկան, կողմերու միջեւ շփումներու կոչը անիրատեսական կրնայ թուալ», - կը փաստէ «The Washington Post»-ի վերլուծութիւնը` ներկայացնելով, թէ ինչ կարելի է ընել այդ ուղղութեամբ յաջողութեան հասնելու համար․ - «Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը, հասարակական կազմակերպութիւններն ու քաղաքացիական խումբերը պէտք է ներգրաւուին տարածաշրջանին մէջ առաւել ընդարձակ անվտանգութիւն ապահովող համաձայնագրերու ու հիմնարկներու կայացման մէջ: Անոնք կրնան ըլլալ տարածաշրջանով մէկ գործող կանոններ, պայմանագրեր ու դաշնագրեր, որոնք թոյլ կու տան համայնքներու առաջնորդներուն համագործակցիլ իրար հետ՝ ընդհանուր խնդիրներու, օրինակ՝ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, գիւղական աղքատութեան դէմ պայքարի, առեւտրային ուղիներու վերականգնման, ջուրի փոխանակման կամ մշակութային ժառանգութեան պահպանման շուրջ»:

«Կողմերու միջեւ նման կապերու ստեղծումը կ'օգնէ դիւանագիտութեան կարճատեւ փոխզիջումներու փոխարէն կեդրոնանալ առաւել տեւական, ողջ տարածաշրջանին վերաբերող հանապազօրեայ խնդիրներու վրայ: Նման բազմակողմ երկխօսութիւնը կրնայ նաեւ նուազեցնել թշնամութիւնը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ եւ հնարաւորութիւն տալ, որ միջագային միջնորդներն ու երկու կողմերու առաջնորդները աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ դիմեն հանրութեան՝ փոխզիջման հարցով», -ըսուած է յօդուածին մէջ:

Խօսելով հակամարտող բոլոր կողմերու ներգրաւուածութեամբ բանակցութիւնները առաջ տանելու առաւելութիւններու մասին, «The Washington Post»-ի վերլուծականը կը փաստէ. - «Եթէ այս քայլերը չձեռնարկուին, սահմանագիծի երկու կողմերուն միջեւ շփումները պիտի մնան հատուկենտ, խաղաղութեան շուրջ համաձայնագրերն ալ կարճատեւ կեանք պիտի ունենան»:

Յօդուածը հրապարակուած է «The Washington Post»-ի վերլուծական բաժնին մէջ, այն հեղինակած է Մասաչուսեթսի Սթոնհիլ քոլեճի քաղաքագիտութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու գծով փրոֆեսըր, հակամարտութիւններու կարգաւորման մասին շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ Աննա Օհանեանը: