image

Ասմաա Ասատ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Ասմաա Ասատ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմաա Ասատ կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ասմաա Ասատ երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունած է Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին առեւանգուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու տասնեակ մայրեր:

Ասմաա Ասատ ժամանակ անցուցած է այդ մայրերուն հետ եւ ուզած է մօտէն ծանօթանալ անոնց ընդհանուր իրավիճակին:

Յիշեցնենք, որ քաղցկեղէ տառապող Ասմաա Ասատ կ'անցընէ բուժման փուլ մը, սակայն հակառակ իր առողջական վիճակին, կը շարունակէ աշխոյժ կերպով մասնակցիլ երկրի հասարակական կեանքին մէջ, որպէս Սուրիոյ Առաջին տիկին: