Լոս Անճելըսի շրջանի Սան Ֆերնանտօ քաղաքի բնակչուհի Զառա Գեմիլեանը վերջերս դարձած է «Միսիզ Քալիֆորնիա Կլոպ 2019» (Mrs. California Globe 2019) գեղեցկութեան մրցոյթի յաղթող: Այս մասին կը յայտնէ Rusarminfo-ն՝ նշելով, որ մրցոյթը կ'իրականացուի է 1996 թուականէն ի վեր:
Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ Զառա Գեմիլեանը ծնած է Հայաստանի մէջ 1983 թուականին, այնուհետեւ ընտանիքի հետ միասին տեղափոխուած է Մոսկուա, այնտեղէն ալ Միացեալ Նահանգներ:
«Հայաստանը ինծի համար միշտ անուրջներու վայր եղած է: Երբ ես երեխայ էի, Հայաստան կը մեկնէի ամէն ամառ: Այն ինծի համար եղած է անհոգ եւ երջանիկ վայր: Ես կը սիրեմ ճամբորդել եւ շատ սիրելի քաղաքներ ունիմ, սակայն ոչինչ չի համեմատուիր այն զգացումի հետ, որ կ'ապրիմ, երբ օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Զուարթնոց օդակայան», - Rusarminfo-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Զառան:
Քալիֆորնիոյ մասնաւոր համալսարանի շրջանաւարտը ուսումը աւարտելէն ետք զբաղուած է շուկայագիտութեան զարգացմամբ Քալիֆորնիոյ շինարարական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ: