image

Ֆրանչիսկոս Պապը ծունկի գալով համբուրած է հարաւային Սուտանի առաջնորդներուն ոտքերը (Տեսանիւթ)

Ֆրանչիսկոս Պապը ծունկի գալով համբուրած է հարաւային Սուտանի առաջնորդներուն ոտքերը (Տեսանիւթ)

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի մէջ հինգշաբթի տեղի ունեցած ընդունելութեան ժամանակ ծունկի իջած է՝ համբուրելու Հարաւային Սուտանի՝ անցեալին պատերազմող ղեկավարներուն ոտքերը՝ կոչ ընելով անոնց չվերադառնալ քաղաքացիական պատերազմի:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Reuters գործակալութիւնը, սրբազան քահանայապետը դիմած է նախագահ Սալվա Քիիրին, անոր տեղակալ Ռիէք Մաչարին, որ դարձած էր ապստամբներու առաջնորդը, եւ երեք փոխնախագահի՝ պահանջելով յարգել հրադադարը, որ իրենք կնքած են:

«Որպէս եղբայր ձեզմէ կը խնդրեմ խաղաղութիւն պահպանել: Կը խնդրեմ ամբողջ սրտով, եկէք առաջ երթանք: Շատ խնդիրներ կ'ըլլաեն, բայց անոնք չեն յաղթեր մեզի: Լուծեցէք ձեր խնդիրները», - ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Սուտանցի առաջնորդները տպաւորուաղ են, երբ 82-ամեայ պապը, որ ոտքերու քրոնիկ ցաւեր ունի, ծունկի իջած է օգնականի օգնութեամբ՝ համբուրելու իրենց կոշիկները: