image

Դոկտ. Նարեկ Մանճիկեան ընտրուած է Գանատայի Queen’s համալսարանի «Տարուան Դասախօս»

Դոկտ. Նարեկ Մանճիկեան ընտրուած է Գանատայի Queen’s համալսարանի «Տարուան Դասախօս»

Գանատայի Քինկսթըն քաղաքի Քուինզ համալսարանի (Queen’s University) Ելեկտրական եւ Համակարգչային Ճարտարագիտութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Նարեկ Մանճիկեան, Ապրիլ 2019ին ընտրուած է «Տարուան դասախօս» (Professor of the year) նշեալ բաժանմունքի 2018-2019 տարեշրջանի երրորդ դասարանի ուսանողութեան կողմէ: 

Այս գնահատանքին արժանացած է որպէս գիտելիքներու հմուտ եւ բացառիկ դաստիարակ: Նշենք, որ դոկտ. Մանճիկեան նոյնպէս «Տարուան դասախօս» ընտրուած է 2014-2015, 2015-2016 եւ 2017-2018 տարեշրջաններուն:

Դոկտ. Նարեկ շրջանաւարտ է Օնթարիոյի Ուոթըրլու համալսարանէն (University of Waterloo, Bsc & MS in Computer Engineering) եւ իր դոկտորականի վկայականը ստացած է Թորոնթօ համալսարանէն (University of Toronto): 1997էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Քուինզ համալսարանէն ներս, ուր նաեւ ստանձնած է վարչական պաշտօններ, միաժամանակ կը շարունակէ իր հետազօտութիւնները համակարգչային ճարտարագիտութեան ոլորտէն ներս:

Դոկտ. Մանճիկեան համահեղինակ է Computer Organization and Embedded systems գիրքի 6րդ վերահրատարակութեան, McGraw Hill հրատարակչական ընկերութեան հրատարակած յայտնի գիտական դասագիրքի մը, որ կ“օգտագործուի Հիւսիսաին Ամերիկայի եւ համաշխարհային զանազան համալսարաններու մէջ: Ան նաեւ հրատարակած է հետազօտական ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ՝ իր ճիւղին վերաբերող յայտնի պարբերականներու մէջ:

 

Աղբիւրը՝ «Հորիզոն»