image

Յայտնաբերուած են Հիթլէրի անյայտ մնացած լուսանկարները (Լուսանկարներ)

Յայտնաբերուած են Հիթլէրի անյայտ մնացած լուսանկարները (Լուսանկարներ)

Ատոլֆ Հիթլէրի աւելի քան 1270 լուսանկարի թուայնացման ընթացքին, որ հեղինակած է նացիստական Գերմանիոյ առաջնորդի անձնական լուսանկարիչ Հենրիխ Հոֆմանը, ԱՄՆ Արխիւներու ազգային վարչութեան մասնագէտ Ռիչարտ Շնայտըրը յայտնաբերած է անցեալին անյայտ լուսանկարներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթը»-ը, թուայնացման ժամանակ Շնայտըր ստիպուած եղած է մշակել աւելի քան 41 000 ապակեայ ֆոթոսկաւառակ, որոնցմէ շատերը կոտրուած եղած են, եւ մասնագէտը ստիպուած եղած է անոնք հաւաքել մասերով: Այդպիսով, ան յաջողած է հազուագիւտ եւ անցեալին անյայտ լուսանկարներ յայտնաբերել:

Մասնաւորապէս, յայտնաբերուած է Հիթլէրի ամենավաղ պաշտօնական լուսանկարներէն մէկը, որուն մէջ ան պատկերուած է գերմանական հովուաշան հետ միասին: Ենթադրաբար, լուսանկարը առնուած է 1923-ին: