image
Հրատապ լուրեր:

Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան շնորհաւորութիւններ ընդունեց

Սուրբ Զատկուան  տօնին  առթիւ  Վերապատուելի  Յարութիւն  Սելիմեան   շնորհաւորութիւններ ընդունեց

   Հալէպի    Հայ Աւետարանական  Բեթէլ եկեղեցւոյ  դիմատետրի էջէն կը կարդանք, թէկիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, կէսօր ժամը 11:30-2:00 Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան եւ Համայնքային Գործադիր Մարմինի անդամները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Ս. Յարութեան Տօնին առթիւ: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեւցոյ «Փօլատեան» ներքնասրահին մէջ։Ընդունելութեան ներկայ էին՝ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Սուրիոյ բաժնի անդամները, պետական աւագանին (Հալէպի Նահանգապետ, Պաաս Կուսակցութեան Քարտուղար եւ ոստիկանապետ) Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինի անդամներ, Հ.Հ.Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Արմէն Սարգսեան, ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տոնոյեան, հայ Աւետարանական եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Տնօրէնութիւններ եւ ուսուցչական կազմեր, հայկական բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայրենակցական միութիւններ, քրիստոնեայ քոյր համայնքներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ եւ հոծ բազմութիւն:

 

Ընդունելութեան ընթացքին Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան դիտել տուաւ, թէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը ինչպէս անցեալին, նաեւ պատերազմի տարիներուն, ի հեճուկս իր դիմագրաւած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ տագնապալի իրավիճակին, մնաց կանգուն եւ կառչած Սուրիական հայրենիքին, միշտ յոյս ներշնչելով վերանորոգ կեանքի լաւատեսութեամբ:

Լուսանկարը ՝ «Վէնիս»Ի