image
Հրատապ լուրեր:

Դանիոյ ամէնէն հարուստ գործարարին 3 դուստրերը զոհուած են Սրի Լանքայի մէջ. Ո՞վ է ան

Դանիոյ   ամէնէն հարուստ գործարարին 3  դուստրերը զոհուած են Սրի Լանքայի մէջ. Ո՞վ է ան

 Դանիոյ   ամէնէն հարուստ  անձնաւորութեան  երեք  դուստրերը զոհուած  են երէկ՝  կիրակի  օր  Սրի  Լանքայի մէջ  տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ընթացքին։  Այս մասին լուրը կը   հաղորդէ    «Ալ Ժումհուրիյա»   պարբերականը  յղում  ընելով դանիական   աղբիւրներու։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ      5,7 միլիառ  ամն տոլարի կարողականութիւն ունեցող   դանիացի մեծահարուստը  կը  կոչուի`

 Անտրէաս Հոլշ Փոլսըն      եւ ան   սեփականատէրն է տասնեակ  ընկերութիւններու, որոնցմէ ամէնէն հանրաճանաչներն են   Jack  & Jones  եւ Vero Moda  ընկերութիւնները։

  Կը հաղորդուի նաեւ,   որ միլառատէր   Փոլսընի    խօսնակը   մամլոյ  ասուլիս մը  տալով   երկրի լրագրողական շրջանակներէն  խնդրած   է  զուսպ ըլլալ  եւ  աւելորդաբանութիւններ   չգրել  եղած   ողբերգութեան  մասին։

Կը նշուի  նաեւ, որ  ընտանիքը արձակուրդի համար  կը գտնուէր Սրի  Լանքա։

 

 Յիշեցնենք, որ երէկ    Սրի Լանքան  հարուած      ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած էին 300  անձեր, որոնց մէջ կային օտարերկրեայ   զբօսաշրջիկներ։