image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Շուէտի Սոտերթելիէի քաղաքապետուհին

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է  Շուէտի Սոտերթելիէի քաղաքապետուհին

Ապրիլ 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Շուէտի Սոտերթելիէ քաղաքի քաղաքապետուի տիկին Պուէլ Կոտները:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, մասնաւորապէս ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը հաստատած է, որ հայ ժողովուրդը իր անսասան ու զօրաւոր հաւատքի շնորհիւ կրցած է դիմագրաւել բազմապիսի փորձութիւններ:

Իր հերթին Սոտերթելիէի քաղաքապետուհին արձանագրած է, որ սա իր առաջին այցն է Հայաստան, որուն նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Քաղաքապետուհին Նորին Սրբութեան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է իր քաղաքի հայկական համայնքի գործունէութեան մասին՝ ընդգծելով, որ հայերը կարեւոր տեղ կը զբաղցնեն քաղաքի վարչական, տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Տիկին Պուէլ Կոտները ուրախութեամբ նշած է, որ Սքանտինաւիայի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին Սոտերթելիէ քաղաքին մէջ կառուցուած է, ուր առկայ են նաեւ ամենաշատ քրիստոնէական համայնքները:

Գարեգին Բ. Հայրապետը՝ ի դէմս քաղաքապետուհիին, իր գնահատանքը յայտնած է Շուէտի իշխանութիւններուն հայ համայնքի հանդէպ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ քրիստոնեաներու արտագաղթին: