image
Հրատապ լուրեր:

Տասնեակ հազարաւոր հայեր արդարութիւն պահանջեցին Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ

Տասնեակ հազարաւոր հայեր արդարութիւն պահանջեցին Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ

Չերեքշաբթի, Ապրիլ 24-ի կէսօրէ ետք, տասնեակ հազարաւոր Լոսանճելըսահայեր համախմբուած էին թրքական հիւպատոսարանին առջեւ դատապարտելու եւ արդարութիւն պահանջելու՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն համար:

Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Միացեալ Մարմինի կազմակերպութեամբ կայացած հանրահաւաքին ներկայ էին մեծ թիւով երիտասարդներ, դպրոցական ուսանողներ, կրօնական ու կուսակցական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տեղացի քաղաքական գործիչներ:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան հնչեցին՝ «Թուրքիան մեղաւոր է Ցեղասպանութեան համար», «Այլեւս երբեք» եւ այլ՝ անգլերէն լեզուով վանկարկումներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով՝ կատարողութեամբ «Ալեք Փիլիպոս» վարժարանի ուսանողներուն: Ապա, հոգեւոր դասին կողմէ կատարուեցան աղօթքներով ու կարճ ելոյթներ:

Օրուայ հանդիսավարներ՝ Արմէն Յովհաննէսեանի եւ Թենի Խաչատուրեանի բացման խօսքերէն ետք ելոյթ ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Քորթեզ, որ ներկայացուց քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին, Գոնկրէսի անդամ Պրատ Շըրմըն եւ Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ: Բոլոր ելոյթ ունեցողները դատապարտեցին թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը, պահանջելով Միացեալ Նահանգներու նախագահէն ու Գոնկրէսէն պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հանրահաւաքի ընթացքին Լոս Անճելըսի ոստիկանները ինքնաշարժերու երթեւեկութեան առջեւ փակած էին «Ուիլշըր» պողոտայի վրայ գտնուող թրքական հիւպատոսարանի շրջակայ ճանապարհները: Իսկ, Հայկական ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող պաստառներով օդանաւեր թռիչք կը կատարէին նոյն վայրին վերեւ:

Ամերիկեան տեղական հեռատեսիլի կայաններ լրատուական հաղորդումներ կը սփռէին հաւաքի վայրէն ու հարցազրոյցներ կը կատարէին քաղաքական գործիչներու եւ ժողովուրդի հետ: