image
Հրատապ լուրեր:

«Ասք Հայոց մասին՝ Արարատէն Կարպատներ».Շաւիլի մէջ ներկայացուած է Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանի նոր հատորը

«Ասք Հայոց մասին՝ Արարատէն Կարպատներ».Շաւիլի մէջ ներկայացուած է Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանի նոր հատորը

Ուրբաթ, 10    մայիսին Գլօտ Մութաֆեան Շաւիլի եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ ներկայացուց իր վերջին հատորը՝«Ասք Հայոց մասին՝ Արարատէն Կարպատներ» («La saga des Arméniens de l'Ararat aux Carpates»), լոյս տեսած՝ «Belles Lettres» հրատարակչատունէն։
Սկզբնական պատրաստութեամբ՝ ուսողութեան (mathématiques) դասախօս Գլօտ Մութաֆեան աւելի ուշ Փարիզի Sorbonne-I համալսարանէն ձեռք ձգած է Պատմութեան դոկտորութեան աստիճան եւ այնուհետեւ ալ կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ նուիրուած՝ Հայոց պատմութեան եւ ի մասնաւորի՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան ժամանակաշրջանին։ Երեսուն տարիէ ի վեր տուեալ նիւթին մասին ան հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ եւ ցուցահանդէսներու ցուցակագիրքեր (գաթալոկներ)։ Անոնցմէ ամենէն ծանօթներն են.-
– «Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութիւնը» (1993),
– «Հռոմ-Հայաստան» (1999)՝ Վատիկանի ցուցահանդէսի ցուցակագիրքը,
– «Հայոց ցեղասպանութենէն 90 տարի ետք» (2005),
– «Հայաստանի պատմական ատլասը» (2005), գործակցութեամբ՝ Էրիք Վան Լէօվի,
– «Հայաստան. գրութեան կախարդանքը» (2007)՝ «Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարի»-ին առթիւ՝ Մարսիլիոյ մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ցուցակագիրքը,
– Հայաստանի տասներկու մայրաքաղաքները» (2010), գործակցութեամբ՝ Փաթրիք Տօնապետեանի…։
Օրուան բանախօսին Հրայր Հրաչեանի կողմէ ներկայացումէն ետք՝ Գլօտ Մութաֆեան պատմեց հալածանքներու հետեւանքով Հայոց՝ իրենց Էրկիրէն հեռաւոր ափեր սփռուելու հետաքրքրական պատմութիւնը (ԺԶ.-ԺԸ. դարեր)։ Նախ դէպի Ղրիմ, ապա՝ դէպի արեւելք ՝ Ուքրաինա, Լեհաստան, բայց նաեւ Ռումանիա եւ Թրանսիլվանիա։ Հետաքրքրական էր լսել այդ համայնքներու յարաբերութունները տեղացի ժողովուրդներուն հետ, ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներուն անոնց ունեցած ներդրումները։ 
Մութաֆեան մասնաւորապէս ծանրացաւ Լեհաստանի եւ արեւմտեան Ուքրաինայի մէջ այդ Հայերը ձուլելու ջանքերուն վրայ, որոնք յանգեցուցին հայերէնի եւ հայկական ինքնութեան կորուստին։ Կաթոլիկական այս մարդորսութիւնը յատկապէս յաջողեցաւ Լեհաստանի եւ Թրանսիլվանիոյ մէջ։ Ցաւալին այն է, որ դէպի կաթոլիկութիւն այդ դաւանափոխութիւնները յաճախ կարելի եղած են իրենք իսկ կաթոլիկացած հայ առաքելական հոգեւորականներ Նիկոլ Թորոսովիչի եւ Վարդան Յունանեանի միջնորդութեամբ։ Բայց, ի տարբերութիւն այս շրջաններուն, նման փորձերը ձախողած են մեծամասնութեամբ ուղղափառ երկիրներու, ինչպէս Ռումանիոյ մէջ (Վալաշի-Մոլտաւիա), ուր Հայերը շատ աւելի յաջողած են պահպանել իրենց լեզուն եւ դաւանանքը։ 
Յարգելի բանախօսը թուեց բազմաթիւ քաղաքներ, ուր մինչեւ այսօր Հայեր կ՚ապրին, ինչպէս՝ Լվովը եւ Քամենեց-Փոտոլսքին, որոնք այսօր կը գտնուին Ուքրաինայի սահմաններէն ներս, Լեհաստանի մէջ՝ Զամոսքը, Մոլտաւիոյ մէջ՝ Սուչաւան եւ մա՛նաւանդ Հայոց կերտած Կեռլան (Արմենոփոլիսը)։
Հատորին մէջ յաջողութեամբ կը գոյակցին գիտական տեղեկութիւններն ու հարուստ նկարազարդումները՝ լուսանկարներ, պատկերներ, աշխարհագրական տուեալ շրջաններու պատկանող մանրանկարներ։ Հետաքրքրական է բաղդատել նախկին նկարներն ու փորագրութիւնները ներկայի լուսանկարներուն հետ։ Հատորը կ՚աւարտի խնդրոյ առարկայ հայկական համայնքներու ներկայի մէկ համայնապատկերով։
Հայկական այս քիչ ծանօթ Սփիւռքը,– որու յատկացուած է այս գիրքը,– որ հակառակ ամէն ինչի՝ կը շարունակէ վերապրիլ եւ վերյառնել՝ Հայաստանէն նոր հասած գաղթականներու ալ ներարկած թարմ աւիշով, արժանի էր Գլօտ Մութաֆեանի կատարած այս հմուտ ուսումնասիրութեան, որ զայն պիտի փրկէ մոռացումէ։ 
Երեկոյթի վերջաւորութեան՝ բանախօսը պատասխանեց ներկաներու զանազան հարցումներուն, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր Երուսաղէմի հայկական թանգարանի վերականգնման ծրագրին եւ որու իրագործումը երկու տարիէ ի վեր յանձն առած է Գլօտ Մութաֆեան՝ Ռեմոն Գէորգեանի եւ Յարութ Պեզճեանի հետ։ Այս առիթով՝ տեղեկացանք, որ նաեւ շնորհիւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի բարի կամքին՝ այդ թանգարանը իր համայն փայլքով պիտի վերաբացուի 2020-ի գարնան։
Հ.Հ.
«Նոր Յառաջ»