image

Հենրիխ Մխիթարեանը ամուսնացած է Մխիթարեաններու պատմական հողին վրայ (Լուսանկարներ)

Հենրիխ Մխիթարեանը ամուսնացած է  Մխիթարեաններու պատմական հողին վրայ (Լուսանկարներ)

17 Յունիսին, Իտալիոյ՝ Մխիթարեան միաբանութեան  տաճարին մէջՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Անգլիոյ «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան ամուսնացաւ «Կրանտ Հոլտինկ»-ի սեփականատէրներէն Միքայէլ Վարդանեանի դստեր՝ Պեթի Վարդանեանի հետ:

Պսակադրութեան արարողութեան հրաւիրուած են բազմաթիւ յայտնի մարդիկ: Եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած է պսակադրութեան արարողութիւնը,  կը գտնուի Վենետիկի Սուրբ Ղազար  պատմական կղզիին մէջ, ուր 1700-ականներէն մինչեւ հիմա գործունէութիւն կը ծաւալեն Մխիթարեան հայրերը: 

Միջազգային լրատուական գործակալութիւնները արդէն լուսանկարներ հրապարակած են արարողութենէն: